Խմբագրական Ազդակ Օրաթերթի (Լիբանան)
Վեհոգի Բարերարուհին
Շաբաթ օր անհուն ուրախութեամբ աւետեցինք թանկարժէք նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնը պիտի օժտուի ազգային երկրորդական վարժարանով մը:
Քալիֆորնիաբնակ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան, որուն անունը ոսկի տառերով պիտի արձանագրուի հայ մեծ բարերարներու պատուոյ ցանկին վրայ իր անսպառ առատաձեռնութենէն թանկագին բաժին մը հանած է մեր գաղութին` 50.000 տոլարի պատկառելի գումար մը յատկացնելով Պուրճ Համուտի մէջ շինուելիք ազգային երկրորդական վարժարանին, որ պիտի կոչուի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, մեր հանգուցեալ ընկերոջ եւ անոր ազնուասիրտ այրիին անունով:
Սոֆիա Յակոբեան մէկն է այն բացառիկ դէմքերէն, որոնք իրենց ազգին հանդէպ ունեցած պարտականութիւնը կը կատարեն առաւելագոյն չափով, խոր գիտակցութեամբը այն ճշմարտութեան, թէ ազգին տրուածը կոչուած է մնալու իբրեւ անկորնչելի կոթող` յաւերժացնելով թէ՛ գործը եւ թէ՛ այդ գործին մղում տուող բարերարը:
Վերջին տարիներուն Սոֆիա Յակոբեան ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ նուիրած է հայ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւններու, գումար մը, որ մրցանիշ կոտրող երեւոյթի մը շօշափելի արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ: Ու նուիրաբերած է ոչ թէ փշրանքներ իր ունեցածէն, այլ` խոշոր պատառներ, գրեթէ իր ամբողջ հարստութիւնը, որուն մնացեալ մասը տրամադիր է կտակով մը նուիրելու իր ժողովուրդին` անոր ծով կարիքներուն հասնելու անհուն զոհողութեամբ:
Այսպէս, Ս. Յակոբեան 100.000 տոլար նուիրած է Հայ օգնութեան միութեան, որ արժանաւորապէս «Մայր» անփոխարինելի տիտղոսը տուած է անոր, մեծ բարերարուհիին ընծայուած պատիւներուն մեծագոյնը. 300.000 տոլար տուած է Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան` հաստատ եւ ապահով հիմ մը ընծայելով այդ մեծանուն հիմնարկութեան կրթական գործին. 30.000 տոլար յատկացուցած է Յունաստանի ազգային վարժարանին, որ կոչուած է Լեւոն եւ Սոֆիա յակոբեան անունով. 30.000 տոլար տրամադրած է ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»-ի ֆոնտին: Այս բոլորէն դուրս, անհաշուելի կը մնան այն օժանդակութիւնները, որոնք եղած են անհատներու` առ ի քաջալերութիւն անոնց տաղանդին ու արժէքին:
Պուրճ Համուտի մէջ շինուելիք երկրորդական վարժարանին իր պատուաբեր բաժինը պիտի բերէ նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, որուն եռանդուն վարիչ-քարտուղարը` Բիւզանդ Կռանեան կը գտնուի մեր մէջ եւ անձամբ այս աւետիսը տուաւ Լիբանանի հայութեան:
Արդարեւ, Կրթական հիմնարկութիւնը, որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, իր մեծագումար նպաստներով, լայն օժանդակութիւն կ՛ընծայէ գաղութներու մեր բոլոր վարժարաններուն, առանց յարանուանական եւ այլ խտրութեան, այս անգամ եւս 25.000 տոլարի գումարով մը կը մասնակցի ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ քոլեճի շինութեան:
Ահաւասիկ անձ մը եւ հաստատութիւն մը, որոնք հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան պիտի արժանանան, մանաւանդ այն սերունդին, որ Պուրճ Համուտի մէջ բարձրանալիք հայ ոգիի նոր բերդին մէջ հայեցի դաստիարակութիւն պիտի ստանայ` համապատասխան դարուս պահանջներուն եւ հայ կեանքի պայմաններուն:
Յաւէ՞տ օրհնուի յիշատակը մեր սիրելի ընկերոջ` Լեւոն Յակոբեանի, եւ փառք ու պատիւ համեստ ու վեհոգի հայուհիին` Մայր Սոֆիա Յակոբեանի, որ ցարդ գիտցաւ արժանաւորապէս յաւերժացնել իր ամուսնոյն անունը: Յարգանք ու մեծարանք նաեւ այն կրթանպաստ հիմնարկութեան, որուն ղեկավարները, աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, անձնուիրաբար կը գործեն` հայ ժողովուրդի սրտի զարկերուն ունկնդիր:
Հայ ժողովուրդը վստահութեամբ կրնայ նայիլ իր ապագային, երբ գիտէ սոֆիայակոբեաններ ծնիլ եւ հայ կրթական հիմնարկութիւններ ստեղծել իր ծոցէն:
Post a comment