ՀՕՄԸ ՋԱՒԱԽՔԻ ՀԵՏ
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան Ջաւախք Յիմնադրամի Հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մայիս 5, 2024ին ,Կլէնտէյլի <<Impressions>> սրահին մէջ։
Ջաւախքի հանգանակային ձեռնարկի հասոյթը պիտի նպաստէ Ախալցխա, Ախալքալաք եւ Նինոցմինդա քաղաքներուն մէջ գտնուող Ջաւախքի Երիտասարդական Կեդրոններուն։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը երկար տարիներ շարունակ իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերած է Ջաւախքի մէջ՝ հովանաւորելով երեք երիտասարդական կեդրոններ, ուր աւելի քան 300 երիտասարդներ կը դաստիարակուին ծանօթանալու Հայոց Պատմութեան եւ Մշակոյթի, ինչպէս նաեւ կը ստանան զանազան տարբեր մասնագիտական դասընթացքներ:
Ճաշկերոյթի պաշտօնական հիւրերն էին Բարձրաշնորհ Արքեպիսկոպոս Հովնան Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Զաւեն Մարկոսեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան
Ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ անդամ Ժարմէն Միրզախանեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեան, Հայ Դատի Միջազգային Յանձնախունբի Նախագահ Րաֆֆի Համբարեան, Կլենտէյլի Հայ Դատի Ատենապետուհի Լիւսի Պետրոսեան-Ալաւերդեան, Կլենտէյլի Քալեջի Հոգաբարձութեան անդամ Դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը՝ վարչական անդամներով, պետական ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ բարերարներ եւ համակիրներ, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեանց անդամներ եւ ՀՕՄուհիներ
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան անունով ներկաներուն ողջունեց Վարչութեան ներկայացուցիչ Սեդա Խոջայեան։ Ան բարձր գնահատեց բոլոր հիւրերու ներկայութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի Ջաւախք Հիմնադրամի Յանձնախումբի այս տարուայ ձեռնարկի գլխաւոր հովանավոր Ռաֆիկ եւ Հէլլի Խաչատուրեաններուն, Բաղդասարեան ընտանիքին, Հայ Կրթական Հիմնարկութեանը՝ տարիներ շարունակ Ջաւախքի ծրագիրներուն աջակցելու համար եւ ներկայ գտնուող եւ կեանքէն հեռացած բարերարներուն

Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան։ Ան կարեւորեց Ջաւախքի Յիմնադրամի կատարած աշխատանքները, ՀՕՄի դերակատարութիւնը Ջաւախքի ազգապահպանման եւ հայրենանպաստ ծրագիրներուն մէջ եւ Վարչութեան կողմէ ներկայացուց ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներու յուշանուէրը։
Յընթացս արարողութեան գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրով հանդէս եկան երգիչներ Թերմինէ Պողօսեան, Աիդա Սարգիսեան եւ Դարեն Չիլինգիրեան։
Ջաւախքին եւ Ջաւախքահայութեան պահպանման խնդիրը միշտ եղած է եւ կը մնայ ՀՕՄի հոգածութեան խնդրոյ առարկայ։ ՀՕՄը բազմաթիւ ծրագիրներ կազմակերպած է՝ ի զօրակցութիւն Ջաւախքահայութեան եւ հաւաքական ուժերով պիտի շարունակէ այդ ծրագիրները: