584340325-ars40-1564

ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի Անխոնջ Ծառայութիւն՝ Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար

Աւելի քան 500 պատուարժան հիւրերու և ՀՕՄի  անդամներու ներկայութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանը նշեց իր 40 տարուայ անխոնջ գործունեութեան ամեակը Կիրակի, 4 Փետրուար, 2024  ՀՄԸՄ Կլէնտէյլ  Արարատ սրահին մէջ։

Տօնակատարութեան պաշտօնական  հիւրերն էին ԱՄՆ  Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․Եպս․Տօնոյեան, բազմամեայ տարիներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Արքեպս․Մուշէղ Մարտիրոսեան, ԱՄՆ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ Եպս․ Մուրատեան, Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Արուսեակ Մելքոնեան եւ ներկայացուցիչներ Անի Քէշիշեան, և Ժարմէն Միրզախանեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի  Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Աւօ Քէշիշեան, պետական ներկայացուցիչներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ բարերարներ եւ համակիրներ, ինչպէս նաեւ Շրջանիս նախկին  եւ ներկայ Շրջանային Վարչութեանց անդամներ եւ հարիւրաւոր ՀՕՄուհիներ։

ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը, բարձր գնահատելով միութենական ծառայութեան 40 եւ աւելի տարիներ կազմակերպութեան անդամակցած ՀՕՄուհիները, պարգեւատրման արարողութիւն կամակերպած էր այդ անդամներու համար, որոնց շնորհուեցաւ Գնահատագիր եւ զարդ՝ ՀՕՄի խորհրդանիշով։

Պարգեւատրման արարողութենէ եւ հիւրասիրութիւնէ ետք, տեղի ունեցաւ պաշտօնական յայտագիր։ Ամերիկայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգերը կատարեցին ՀՕՄի Միօրեայ Վարժարաններու աշակերտները։

Այնուհետեւ երգիչ Պերճ Քիրազեանը մեներգեց Արցախի օրհներգը եւ ՀՕՄի Քայլերգը։

Ապա ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․Թորգոմ Ս․Եպս․Տօնոյեան փոխանցեց իր օրհնութիւնը  եւ բարեմաղթանքները։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ  40 ամեակի առիթով շնորհաւորեց ՀՕՄուհիները, ինչպէս նաեւ բարերարները ու համակիրները՝ յոյժ կարեւորելով իրենց ազգանուէր գործունէութիւնը։

Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Վիքի Մարաշլեան, որ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ՀՕՄի Շրջանիս  հազարաւոր անդամներուն իրենց ազգանուէր ծառայութեան եւ բազմամեայ անխոնջ գործունեութեան համար։ Մարաշլեանը խօսքը շարունակեց՝ նշելով․<<Չորս տասնամեակ ժողովուրդին ծառայելու իր բացարձակ յուշագրումով ՀՕՄի Արևմտեան Շրջանը կը ներկայացնէ բարեսիրական այն կազմակերպութիւնը, որուն հոգատար ձեռքը հասած է Արեւմտեան Ամերիկայէն մինչև Հայաստան, Արցախ, Լիբանան, Սուրիա, Ջաւախք  և երկրագունդի գրեթէ բոլոր անկիւններուն՝ օրհնելով անհամար սրտեր>>։

Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան։ Ան կարեւորեց ՀՕՄի համաշխարհային դերակատարութիւնը ազգապահպանման եւ հայրենանպաստ ծրագիրներուն մէջ, կոչ ընելով  հաւատարիմ մնալ սուրբ  առաքելութեան եւ շարունակել  իրագործել ՀՕՄի  հետապնդած նպատակները  հաստատուն կամքով եւ վճռականութեամբ, հաւատալ մեր հայրենիքի ապագայ հզօրացման, Արցախի յաղթանակին։

Յընթացս արարողութեան երաժշտական քաղցր կտորներով ծաղկեցուցին << Սօնաթա>> երաժշտական դպրոցի դհոլահարների նուագախումբը, <<Լեռնազանգ>> ազգագրական  համոյթը, ապա գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրով հանդէս եկաւ երգիչ Ռազմիկ Բաղդասարյան։

ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի պատմութիւնը ընդմիշտ անբաժանելի է Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութենէն, թէ՛ Հայրենիքի և թէ՛ սփիւռքի մէջ՝ շարունակելով  իր «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսով։