CEB_withRegional-Host

ՀՕՄի Արցախահայ Ընտանիքներու Յոյսի Օճախներ Ծրագրի Հանգանակային Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան «Յոյսի Օճախներ» Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 21, 2025ին, հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկ. Հրայր եւ Էմմա Կարապետեաններու։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հաւաքուած ՀՕՄուհիներն ու համակիրները 80,000 տոլար հանգանակեցին Շիրակի մարզէն ներս տուներ ապահովելու տեղահանուած Արցախահայ գիւղացի ընտանիքներու համար։

Ներկաներուն շարքին էին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան (ԿՎ) ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան իր ամուսնոյն Ռաֆֆիին հետ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Հիլտա Սալիպա, Անոյշ Չալեան եւ Պետիկ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներ, եւ նուիրեալ համակիրներ։

Բացման խօսքը փոխանցեց յանձնախումբի անդամներէն Այտա Տիմէճեան դիտել տուաւ որ Կ. Վարչութեան Յոյսի Օճախներու ծրագրի նպատակը պատեր եւ տանիք տրամադրել չէ միայն, այլ «տունը սէր է, խաղաղութիւն եւ նոր սկիզբ»։ Ընկերուհին շեշտեց թէ Արցախահայերը չեն կորսնցուցած իրենց արժանապատուութիւնն ու վերադարձի յոյսը։

Շրջանային Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան որ յանձնախումբին կապն է, ներկաներուն յիշեցուց թէ ՀՕՄը աւելի քան 30 տարի Արցախահայութեան կողքին կանգնած է։ 2023ի ՀՕՄի 73րդ Համահայական Պատգամաւորական Ժողովին ընթացքին, Արեւմտեան Շրջանը 100,000 տոլար հանգանակել խօստացած էր այս ծրագրին համար։ Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Կարապետեան ընտանիքին, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ անոր ատենապետուհի Սիւզի Ծերունեան-Խանզատեանին, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն։

Ցուցադրուեցաւ ՀՕՄի Կ. Վարչութեան կողմէ պատրաստուած ծրագրի տեսաերիզը։ Ապա, Կ.Վ.ի ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան յիշել տուաւ թէ ՀՕՄը ցեղասպանութիւնէն ետք կիրարկեց որբահաւաքի «մէկ ոսկի, մէկ որբ» ծրագիրը, իսկ մէկ դար յետոյ Արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք իր անմիջական օգնութիւնը տրամադրելէ յետոյ, ստեղծեց «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը երկարաժամ օգնութիւն։ Ընկերուհին դիտել տուաւ թէ ՀՕՄի 115-ամեակի տօնախմբութեան առիթով, Շիրակի Մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ ծրագրի պաշտօնական բացումը։

Երեկոյին ծրագրին մաս կը կազմէր 14-ամեայ Լիա Ստեփանեանը, որ Շուշիի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը արտասանեց, իսկ հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան Քրիստին Յովհաննէսեան եւ Վարանդ Աւանէսեան։

Ձեռնարկը առիթ ստեղծեց որ ներկաները մտովին Հայաստան եւ Արցախ տեղափոխուին, թարմացնելով զրկանքի ենթարկուած Արցախահայերու յիշատակները, ինչպէս նաեւ անոնց օգնութեան հասնող ՀՕՄուհիներու վկայութիւնները։ Արցախահայ ընտանիքներու վերականգնումի պատասխանատուութիւնը ամբողջ հայութեան պարտաւորութիւնն է եւ ՀՕՄը այս աշխատանքի ջատագովն է, ոչ միայն անոնց տաքուկ բնակարաններ տրամադրելով՝ այլ նաեւ յոյս ներշնջելով։