clients 1-01

ՀՕՄի ընկերային ծառայութիւնը 300 հնդկահաւ եւ այլ ուտելիքներ կը բաժնէ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Ընկերային Ծառայութեան բաժանմունքը քանի մը շաբթուայ իր կարիքաւորներու բաշխումները աւարտեց Նոյեբեր 25, 2025-ին, հնդակաւեր եւ ընդեղէն բաժնելով եւ անոնց տօնական օրերու սննդեղէնի պէտքերը լրացնելով, աշխատակցելով շրջանիս հայկական դպրոցներու եւ նուիրատուներուն հետ։

Առաւօտեան ժամը 8-էն սկսեալ, Գոհաբանութեան Տօնէն երկու օր առաջ, ՀՕՄի Կլէնտէյլի կեդրոնը կարգի սկսան սպասել իրենց ձրի հնդկահաւերն ու ուտեստեղէնները յանձն առնելու համար հոն հաւաքուած պաշտօնեաներու եւ կամաւորներու օժանդակութեամբ։ Շամսի փաստաբանական հաստատութիւնը 150 հնդկահաւ տրամադրած էր, իսկ շրջանի հայկական դպրոցներու աշակերտները հազարաւոր լիպրա (փաունտ) բրինձ, ոսպ, լուբիա, տուփեղէն եւ այլ ուտելիքներ տրամադրած էին։ Մասնակից աշակերտները Մերտինեան Հայ Աւետարանական, Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան Նախակրթարան եւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Հայկական դպրոցները կը հաճախեն։

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութիւնը նաեւ մասնակցեցաւ Գոնկրէսական Ճուտի Չուի (Քալ. 28-րդ Շրջան) Նոյեմբեր 13-ի Ալդատինայի համայնքային կեդրոնէն ներս հնդկահաւերու բաշխումին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի գաւառային վերահսկիչ Հիլտա Սոլիսի (Ա Շրջան) Նոյեմբեր 21ի Սիթի Թերըս Փարքէն ներս հնդկահաւերու փաշխումին։ Այսպէսով, շուրջ 300 ընտանիքներ տօնական օրերու առիթով ստացան նուիրատուութիւններ։ Իսկ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ Նոյեմբեր 19-ի բաշխումով շրջանիս կարօտեալներ օգտուեցան։

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակները հիմնուած են 1979ին, որ այժմ կը գործեն ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի, Շրջանային Վարչութեան հովանիին տակ, իբրեւ ոչ-շահաբեր 501(c)(3) կազմակերպութիւն։ Եթէ կը փափաքիք ընկերային ծառայութեան, հոգեբանական կեդրոնի կամ տեղական այլ ծրագիրներու համար նուիրատուութիւն ընել, կրնաք ձեր նուէրները փոխանցել https://arswestusa.org/donate/ կայքով, «Where can we designate your gift?» հարցումին ձեր ընտրութիւնը ընելով, կամ ուղղակի ձեր նուիրատուութիւնը ղրկելով ARS of Western USA, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812 հասցէին։

ՀՕՄը հիմնուած է 1910-ին Նիւ Եորքի մէջ, իբրեւ ոչ-յարանուանական, մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է։ ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանը հիմնուած է 1984-ին, թէեւ 1915-էն ի վեր Ֆրեզնոյի մէջ եւ 1918-էն ի վեր Հոլիվուտի մէջ կը գործեն «Մայր» մասնաճիւղերը։ Քալիֆորնիայի, Արիզոնայի, Նեվատայի եւ Թէքսասի մէջ կը գործեն 24 մասնաճիւղեր, շուրջ 1,200 անդամներով, մէկ մանկամսուրով եւ 11 շաբաթօրեայ վարժարաններով։ Կրթանպաստներ կը տրամադրուին երկրորդական վարժարան աւարտող եւ համալսարան հաճախողի ուսանողներու։

ՀՕՄը իր ընկերային եւ հոգեբանական կեդրոններով, մարդասիրական, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներով սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ եւ կը շարունակէ իր ծառայութիւնները կարեկից ոգիով եւ մարտահրաւէրները դիմագրաուելու պատրաստակամութեամբ։