562568927-picture-3

Մենք՝ Ուխտեալներ Հայ Օգնութեան Սուրբ Գործին․․․

Հայ կնոջ առաքինութեան, իմաստնութեան, քնքշութեան եւ բարութեան մասին կարելի է խօսիլ անվերջ․․․Կայ հատկանիշ մը, որով կ՛առանձնանայ ՀՕՄուհին․ ՀՕՄուհին ազգին բոլորանուէր ծառայող, ազգային շահերը ամենէն վեր դասող հայ կինն է։ Մարդասիրական բարեգործական կանանց կազմակերպութեան անդամի նկարագիրն է այս՝ ՀՕՄուհիի նկարագիրը։

Ուր կորուստ ու ցաւ կայ, ուր կարեկցանքի ու աջակցութեան կարիք կայ, հո՛ն է ան։ ՀՕՄուհի ըլլալը բարձր կոչում մըն է, արժանապատիւ կոչում։

9 Նոյեմբեր 2023ին, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով, ՀՕՄի Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական ժողով, ուր ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ նախկին եւ ներկայ Վարչութիւններու ներկայացուցիչներ ու աւելի քան 100 անդամներ։ Ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը ներկայացուց ՀՕՄի 73րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովի մասին զեկուցական։

Համահայկական Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 16-20 Հոկտեմբեր 2023ին, Երեւան, Հայաստան։ Արեւմտեան Շրջանէն ժողովին մասնակցութիւն ունեցան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Վիքի Մարաշլեան, 4 պատգամաւորներ՝ Անի Քէշիշեան, Ռիթա Հինդլեան, Քնար Աւէտիսեան եւ Էմմա Կարապետեան, 23 ունկնդիրներ եւ Շրջանային Վարչութեան հիւրը՝ Սեդա Խոճայեան, որոնք իրենց ժրաջան մասնակցութիւնը ունեցած են ժողովի աշխատանքներուն մէջ։ Պատգամաւորական ժողովին իբրեւ հիւր ներկայ էին նաեւ Արցախի ՀՕՄուհիները, որոնք ժողովը իրազեկ դարձուցին Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած ժողովուրդին ունեցած դժուարութիւններուն մասին։

Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2023-2027 քառամեակի ՀՕՄի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը, որուն կազմին մէջ Արեւմտեան Շրջանէն ընդգրկուեցան Արուսեակ Մելքոնեան, Անի Քէշիշեան եւ Ժարմէն Միրզախանեան։

Մարաշլեանը ներկայացուց Պատգամաւորական ժողովի աշխատանքները՝ նշելով, որ կարեւոր շատ հարցերու շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ եղան, ժողովին անդրադարձած են նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանական յարձակումներու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան բռնի տեղահանութեան, հայաթափումի լոյսին տակ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն։ Ան անդրադարձաւ Արցախահայութեան կեանքին եւ առօրեայ խնդիրներուն եւ ցաւով ներկայացուց մեր հայրենակիցներու հետ ունեցած հանդիպումները եւ անոնց ծանր կացութիւնը։ Ծանոթանալով խնդիրներուն տեղւոյն վրայ ՀՕՄուհիները օգնութիւն ցուցաբերած են մի շարք ընտանիքներու՝ սնունդ, մահճակալներ, անկողնային պարագաներ, տաք հագուստներ, գրենական պիտոյքներ։ Օգնութեան կարիք ունեցողները բազմահազար են։ ՀՕՄը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, լծուած է գործի, բայց լուրջ համահայկական ջանքեր կը պահանջուին իրավիճակէն դուրս գալու համար։

Զեկուցական ժողովը լի էր ապրումներով, յուզումնալից պահերով, հայ կնոջը եւ մօրը բնորոշ սրտացաւ վերաբերմունքով։ Ներկաները դիտեցին տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ, ուր ներկայացուեցան Շրջանիս ՀՕՄի կատարած վերոյիշեալ աշխատանքները Հայաստանի մէջ։

ՀՕՄի Համահայկական 73րդ Պատգամաւորական ժողովին քննարկումներու, ծրագրաւորումներու եւ մտահոգութեան առանցքը եղած է Արցախն ու Արցախահայութիւնը։ Իբրեւ գործնական քայլ տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ Արցախահայութեան նուիրուած հանգանակութիւն, որուն ընթացքին գոյացաւ մօտաւորապէս 500 հազար տոլար։ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը խոստում տուաւ եւս 125,000 հազար տոլար օգնութեան յաւելեալ Սեպտեմբերին ուղարկուած 150,000 հազար տոլարին:

Ժողովականները մանրամասն կերպով ծանօթացան ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան Առողջապահական Կեդրոն»ին ծաւալած կարեւոր աշխատանքին, ներկայ խնդիրներուն, որոնց կարգին է Կեդրոնի ընդարձակումը։ Այդ նպատակով ալ կրկին տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ հանգանակութիւն, որուն հասոյթը կազմեց 60 հազար տոլար։ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը խոստացաւ այդ նպատակի համար եւս տրամադրել 50,000 հազար տոլար։

Լիբանանահայութեան եւ Սուրիահայութեան ապրած տագնապալի կացութիւնը անմասն չմնաց ուշադրութենէն Պատգամաւորական ժողովականներուն։ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը խոստացաւ 25,000 հազար տոլար յատկացնել ԼՕԽի բժշկական շենքի վերանորոգման աշխատանքների համար։

Ամփոփելով 2022-2023 ֆինանսական տարեշրջանը՝ Ատենապետուհին նշեց, որ Շրջանային Վարչութիւնը Կեդրոնական Վարչութեան փոխանցած է 933,390 տոլար նուրիատութիւններ՝ համահայկական տարբեր ծրագիրներու համար։

Զեկուցական ժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանը։ Ան ողջունեց ժողովականներուն, գոյատեւելու մաղթանքներ յղեց Լոս Անճելըսէն դէպի գաղթական Արցախահայութեան եւ աղէտահար ընտանիքներու։ Մելքոնեանը նշեց, որ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի ՀՕՄուհիները այսօր դարձեալ լծուած են իրենց սուրբ առաքելութեան՝ մեր ազգի գոյապայքարի այս ծանր փուլի մէջ, սատար կանգնած են Արցախահայութեանը եւ պիտի կանգնին՝ համախմբուած եւ միասնաբար յաղթահարելու մարտահրաւէրները։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը երախտագիտութիւն յայտնեց անդամներուն եւ ՀՕՄի բարերարներուն՝ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար, որմէ ետք կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ եւ հնչեցան սպառիչ պատասխաններ։ Բազմակողմանի քննարկումներով զեկուցական ժողովը անդրադարձաւ Արցախահայութեան առաջնահերթ կարիքներուն, քննարկումներու լոյսին տակ, ժողովը ձեւաւորեց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնք պիտի առաջնորդեն ՀՕՄի յառաջիկայ աշխատանքները մեր հայրենակիցներու համար այս օրհասական պահին։

Ժողովականները ուխտեցին հաւատարիմ ըլլալ Հայ Օգնութեան Միութեան եւ ջանալ իրագործել անոր հետապնդած նպատակները, խոստացան հաստատուն կամքով եւ վճռականութեամբ շարունակել իրենց առաքելութիւնը եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Արցախահայութեան կարիքներուն։

Այդ օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական։