image3 (8)

ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ԵՐԴՈՒՄ ՏԱԼՈՎ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ Հ.Օ.Մ.Ի ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ

Հ.Օ.Մ.ի Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղի հերթական 9րդ ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 03, 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պըրպէնքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդաց կեդրոնէն ներս:Նախքան ժողովի սկսիլը, տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւն: Կնքամայրութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ մասնաճիւղիս կապ ընկհ. Մարալ Մանուկեանի եւ ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի եւ մասնաճիւղիս անդամ ընկհ. Վիքի Մարաշլեանին,  չորս (4) նորագիրներ իրենց երդումը տալով, միացան Հայ Օգնութեան Միութեան մեծ ընտանիքին, անդամ դառնալով Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղին:Բարի գալուստ կը մաղթենք նորագիր ընկերուհիներուն:Հ.Օ.Մ.ի «Արազ» Մասնաճիւղի Վարչութիւն