Ungh.GoenjianAmongTheDelegates_DSC00082-02

100րդ Պատգամաւորական Ժողովը Կ՚ընտրէ Նոր Շրջանային Վարչութիւն Մը

Էնսինօ, Քալիֆորնիա.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի 100րդ Երկամեայ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի Աւետիսեան Սրահին մէջ, Յուլիս 24-էն 26, 2026, Էնսինօ, Քալիֆորնիա։

ՀՕՄի տեղւոյն «Անահիտ» Մասնաճիւղի ատենապետուհի Անգինէ Յակոբեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց թէ իր մասնաճիւղը ոչ մէկ ջանք չէ խնայած հիւրընկալելու այս ժողովը եւ աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթեց։

2024ի 99րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովին ընտրուած Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Քրիստինա Ամիրեան Խանճեան խնդրեց որ ներկաները յոտնկայս ունկնդրեն ԱՄՆի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄի քայլերգները, ապա հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանը որ իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցէ ժողովականներուն։

Աղօթքներէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ժողովը եւ դիտել տուաւ թէ իր փորձառութեան հիման վրայ՝ Լիբանան, Յունաստան եւ Արեւմտեան Շրջանը, ՀՕՄը իրար կապուած մէկ հսկայ ամբողջութիւն մըն է, որ որքան տարիները կ՚անցնին, ՀՕՄը կը մնայ աշխոյժ իր առաքելութեան մէջ, կարգապահ, նախանձախնդիր եւ դիւանագէտ, իր ծառայութիւնները ժամանակին հետ զարգացող, որ կը վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը։

Առաջնորդի խօսքէն ետք, ընկերուհի Խանճեան խնդրեց որ մէկ վարկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը մեզմէ բաժնուած ընկերուհիներուն։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանին, գանձապահ Անի Քէշիշեանին, եւ շրջանի կապը՝ Ժարմէն Միրզախանեանին, նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի համա-ատենապետ Մայք Քէլէշեանին եւ կապ Հիլտա Սալիպային, ՀՕՄի Գանատայի Շրջանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Տումանեան Թաշճեանին (քարտուղար), Շրջանային Վարչութեան հրաւիրած հիւրերուն՝ Գարմէն Եարալեանին, Մարալ Թուլումեանին եւ Անուշ Չալեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր վարչական ներկայացուցիչներուն, պատգամաւորներուն եւ դիտողներուն։

Ընկհ. Խանճեանը Շրջանային Վարչութեան անունով դիտել տուաւ թէ անցեալ երկու տարիներուն ընթացքին ՀՕՄը իր 115 ամեակը տօնեց, մինչ շատ մը մասնաճիւղեր տօնեցին իրենց ամեակները Քալիֆորնիայի, Նեվատայի եւ Թէքսասի մէջ (Արիզոնան ամեակ չտօնեց)։ Ան թուեց թէ կամաւորներէ բաղկացած Շրջանային Վարչութիւնը անթիւ անհամար ժամեր տրամադրեց յաղթահարելու մարտահրաւէրներ գործադրելով նոր աշխատելաձեւեր եւ այլ փոփոխութիւններ, կազմակերպելով զեկուցական հաւաքներ եւ աշխատանիստեր որպէսզի անդամները փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահեն, ինչպէս նաեւ յարմարին դաշնակցային կառավարութեան եւ Ներկայացչական Տան (Գոնկրէս) կողմէ իրարկուած օրէնքներու եւ կանոններու։ Նոր կրթաթոշակի ծրագիր մը հիմնուեցաւ, մինչ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան համահայկական ծրագիրներուն համար օժանդակութիւնը շարունակուեցաւ։ Ընկհ. Խանճեան նշեց թէ անդամներու թիւը բարձրացաւ նոր մասնաճիւղի մը, «Ամարաս»ի հիմնադրութեամբ։ Ան եզրափակեց ըսելով թէ պէտք է ՀՕՄը շարունակէ յառաջանալ եւ սկսիլ նոր սերունդին վստահիլ, իրարու յարգելով եւ իրարու հետ գաղափարներ փոխանակելով… «Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար» նպատակով։

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի համա-ատենապետ Մայք Քէլէշեանը շնորհաւորեց պատգամաւորական ժողովը եւ նկարագրեց ինչպէս սրահէն դուրս ականատես եղեր էր վարակիչ մթնոլորտի մը երբ տարբեր շրջաններէ եկած ընկերուհիներ կ՚ողջագուրուէին։ Ընկերը ըսաւ թէ միասին աշխատելով է որ պիտի յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները, ներառեալ սերդնափոխութիւնը։ Ան շնորհաւորեց նպատակային ձեւով նոր «Ամարաս» մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը եւ յայտնեց թէ իր դուստրերէն մին «Ամարաս»ի անդամ է։ Ընկ. Քէլէշեանը դիտել տուաւ թէ նոր սերունդը տարբեր ձեւով կը մտածէ, բայց կարեւորը հիմնական արժէքներու փոխանցումն է։ Ան Կեդրոնական Կոմիտէին անունով լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց ի նպաստ արդիականացման ու այլ հարցերու լուծման։

Այսպէսով, ընկհի. Քրիստինա Ամիրեան Խանճեանը անցաւ կարգահրաւէրի եւ հրաւիրեց ատենադպրութեան քարտուղարը՝ Էօժէնի Շամլեան Արոյեանը որ ներկայութեան ստուգում ընէ։ Պատգամաւորական ժողովը ընթացք առաւ եւ նախ առժամեայ, ապա մնայուն դիւանի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ հետեւեալ ձեւով.-  Մարալ Փոլատեան՝ ատենապետուհի (հայերէնի), Մակի Բարսեղեան Սարգունի՝ ատենապետուհի (անգլերէնի), Աստղիկ Շիթիլեան եւ Նունէ Ժամագործեան՝ հայերէնի քարտուղարներ, եւ Անի Դերձակեան եւ Մարալ Քալինեան՝ անգլերէնի քարտուղարներ։

Յանձնախումբերու անդամները ժրաջանութեամբ աշխատեցան սեղմ ժամանակացոյցին համաձայն կատարելով իրենց տրուած պարտականութիւնները եւ ժողովին ներկայացնելով իրենց զեկոյցները։ Երբ որոշ պատգամաւորներ արտակարգ իրավիճակներու պատճառով իրենց վստահուած պարտականութիւնը չէին կրնար ընել, այլ պատգամաւորներ գործի անցան։ Իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբի անդամներն էին՝ Արփի Դանիէլեան Անգինէ Յակոբեան եւ Զարուհի Տէր Դաւիթեան։ Բանաձեւի յանձնախումբի անդամներն էին Այտա Պէրէճիքեան, Անահիտ Պօղոսեան, Սօսի Կիւրեղեան, իսկ աւելի ուշ՝ Վարդուհի Թաշճեան։ Արխիւային յանձնախումբի անդամներն էին Լուսին Մելիքեան, Մելինէ Մխճեան եւ Մակի Միքայէլեան։ Պատգամաւորական ժողովի կողմէ ընտրուած հիւրերն էին Յասմիկ Տէրտէրեան, Սեդա Մանկասարեան, Խաթուն Բագրատունի, Վարդուհի Պետրոսյան, Յասմիկ Խաչատուրեան, Մարօ Ալթիպարմաքեան, Ռոզ Յովհաննէսեան եւ Վիքի Քաթարոյեան։

Դիւանին կողմէ հսկիչի պարտականութիւնը նշանակուեցաւ Անահիտ մասնաճիւղի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներու, իսկ թղթակիցը՝ Ռիթա Հինդլեան։

Ժողովականները լուսաբանական հարցումներու առիթները օգտագործեցին Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան բարոյական եւ հաշուական տեղեկագիրներուն, ներառեալ ընկերային ծառայութեան եւ հոգեբանական կեդրոնի մասին յաւելուածներու մասին հարցնելու։ Ընկհ. Խանճեան հարցերուն պատասխանեց, առիթ տալով որ պաշտօնեաներէն Ժասիկ Ջառահեանը, Մելինէ Վարդապետեանը եւ Տոքթ. Իտա Քարայեանը նաեւ իրենց ներդրումը ունենան պաշտօնեաներու, դրամաշնորհներու եւ ընդլայնման հարցերու նկատմամբ։

Ժողովը նկատի ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան, մասնաճիւղերու եւ ժողովականներու ներկայացուցած բանաձեւերը։ Ընդունուած որոշումներէն նշանակելի էին հոգեբանական կեդրոնի ընդլայնման (շէնքի վարի յարկը) եւ յաւելեալ կիսաժամ հոգեբաններ վարձելու ծրագիրները, մէկ լիաժամ ընկերային ծառայութեան եւ կիսաժամ հանրային կապի համադրիչի պաշտօնեաներու յաւելումները։ Հոգեբանական Կեդրոնի ընդլայնման ծրագիրը հովանաւորուած է Տոքթ. Արմէն եւ Ազնիւ Կէօնճեաններու կողմէ, որոնք ամէն տարի կը նպաստեն կեդրոնի պիւտճէն գոյացնելու։

Այլ բանաձեւեր կը վերաբերէին ուղեցոյցերը նորոգութեան, պաշտօնեաներու եւ կամաւորներու համար դասընթացքներու եւ վկայագիրներու, արուեստագիտական եւ ընկերային ցանցերու օգտագործման ընդլայնումի, միօրեայ վարժարաններու ծրագիրներու նորոգութեան եւ Նայիրի Մասնաճիւղի մանկամսուրի մասին հանրային տեղեկութեան շարունակութեան նկատմամբ։

Բանաձեւերու օրակարգէն ետք նախահաշիւը բարեփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ ընդունուեցաւ յաջորդ երկու տարիներուն համար։

ՀՕՄի Գանատայի Շրջանի ներկայացուցիչ Անի Տումանեան Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան որ նախորդ տարին ներկայացուցիչ ղրկած էր իրենց շրջանի պատգամաւորական ժողովին, ինչ որ քաջալերած էր իր վարչութեան որոշումը այս ժողովին մասնակցելու։ Ան գնահատեց շրջանի ընկերային ծառայութիւնները եւ այլ ծրագիրները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ստացած սիրալիր հիւրընկալութեան համար։ Ընկհ. Թաշճեան ըսաւ թէ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանները, Գանատայի հետ, պէտք է շարունակեն Կեդրոնական Վարչութեան (ԿՎի) ծրագիրներուն զօրավիգ կանգնիլ։

ՀՕՄի ԿՎի շրջանի կապը՝ Ժարմէն Միրզախանեանը զեկուցեց ԿՎի համահայկական ծրագիրներու իրագործումներու մասին։ ԿՎի բոլոր համահայկական ծրագիրները արդէն իսկ ներմուծուած էին շրջանի ընդունուած պիւտճէին մէջ ինչպէս՝ տաք ճաշի ծրագիրները, Զոհուած հերոսներու զաւակներու հովանաւորութիւնները, Արցախեան ընտանիքներու համար Յոյսի Օճախներ ծրագիրը, մանուկներու եւ տարեցներու համար Ամանոր ծրագիրը եւ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոնները։

ԿՎի ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան բացատրեց թէ ինչպէս ԿՎը Վենեզուէլլայի երկրաշարժի աղէտահարներուն օգնութեան ձեռք երկարած է։ Թէեւ մասնաճիւղերը արդէն իսկ սկսած էին իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցել, թէ՛ պատգամաւորները եւ թէ դիտողները սրտափուխ նուիրատութիւններու խօստումներ ներկայացուցին գումարը հասցնելով 25,500 տոլարի։

Պատգամաւորական ժողովի վերջին օրակարգներէն նոր Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւնը արդիւնքը հետեւեալն էր.- Մակի Բարսեղեան Սարգունի, Էմմա Կարապետեան, Վարդուհի (Ռոզ) Պետրոսյան, Սեդա Խոճաեան, Շաքէ Կակոսեան, Անուշ Չալեան, Թալին Գայայեան, Թամար Փոստոյան եւ Հելեն Շահբազեան։

Ժողովի աւարտէն ետք, յուսալից մթնոլորտ մը տեղի ունեցաւ երբ պատգամաւորները, հիւրերն ու դիտողները իրար շնորհաւորեցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին դիւանին, յանձնախումբերուն եւ աւարտանիստ Շրջանային Վարոչւթեան։

Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը իր առաջին ժողովը գումարեց դիւանի եւ ԿՎի անդամներու ներկայութեամբ եւ իր դիւանի անդամներն ու խորհրդականները ընտրեց հետեւեալ ձեւով.-

  • Ատենապետ՝ Մակի Բարսեղեան Սարգունի
  • Փոխ-Ատենապետ՝ Էմմա Կարապետեան
  • Քարտուղար՝ Վարդուհի Պետրոսյան
  • Գանձապահ՝ Սեդա Խոճաեան
  • Հաշուապահ՝ Շաքէ Կակոսեան
  • Խորհրդականներ՝ Անուշ Չալեան, Թալին Գայայեան Սրապեան, Թամար Փոստոյան եւ Հելեն Շահբազեան։

Ընկհ. Սարգունին դիտել տուաւ թէ Արեւմտեան Շրջանը հաստատ պահելու եւ զարգացնելու համար, ՀՕՄի առաքելութիւնը պիտի առաջնորդէ Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը հիմնուելով համագործակցութեան եւ միասնական աշխատանքի վրայ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամաւորներուն՝ իրենց վստահութեան համար եւ ՀՕՄի անդամներուն՝ իրենց շարունակական զօրակցութեան համար։

Մինչ նորընտիր վարչութեան ժողովը կ՚ընթանար, այլ ժողովականները սկսան դէպի իրենց տուները ուղղուիլ նոր տարեշրջանի ակնկալութիւններով։