SaveTheDateGala2026_withSponsorships

ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի 2026ի Կալա-ն

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի տարեկան «Կալա»-ն տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 22, 2026-ին, Լոս Անճելոսի «The Landmark» սրահին մէջ, 10635 Woodman Ave, Mission Hills, CA 91345։

Միջազգային կանանց տօնին ամսուան համընկնելով, այս տարուայ ձեռնարկը կը յատկանշուի՝ «Ոգեւորէ՛ Բարեփոխութիւն. Կերտէ՛ Ապագան» կարգախօսով։ Ձեռնարկը կը ծառայէ որպէս կանանց ղեկավարութեան եւ հաւաքական տոկունութեան տօնախմբութեան մը, որ միաժամանակ պիտի ծառայէ իբրեւ միութեանս նորաստեղծ հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութիւններու հիմնադրամի մեկնարկը՝ նախաձեռնութիւն մը, որ նախատեսուած է կենսական ծրագիրները շարունակելու համար։ Այս ծրագիրները կը նպաստեն անապահով անհատներու եւ կ’ամրապնդեն տարբեր սերունդներու պատկանող հայ ընտանիքները։

Այս ձեռնարկին միջոցով ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը կը ձգտի հզօրացնել եւ ընդարձակել գաղութային մարդասիրական ծրագիրներ, շարունակելով իր դարաւոր նուիրումը կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ծառայութիւններու։ Ձեռնարկը նաեւ կը ձգտի խրախուսել եւ ուժ տալ նոր կամաւորներու, որ իրենց մէջ ծառայութեան ոգին ծաղկի եւ մեր ղեկավարութիւնը յառաջդիմէ եկող տասնամեակներուն ընթացքին։

«Հայ Օգնութեան Միութիւնը միշտ եղած է մեր գաղութներու մարդասիրական եւ ընկերային կարիքներու կողքին», ըսաւ Քրիսթինա Ամիրեան Խանճեանը, ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին։  Ան աւելցուց թէ, «Այս տարուան թեման՝ «Ոգեւորէ՛ Բարեփոխութիւն. Կերտէ՛ Ապագան» մեր շրջանի գաղութներուն տեւական զարգացման կայուն պայմաններ ստեղծելու համար է»։

Այս երեկոյին ընթացքին, գաղութիս ղեկավարները, բարերարներն ու նուիրատուները աւելի պայծառ ապագայի կարեկցութեան եւ ծառայութեան վրայ հիմնուած տեսլականին շուրջ պիտի համախմբուին։

Տոմսերու սակն է 200 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութիւններու, սեղաններու եւ տոմսերու ապահովման կամ հովանաւորութեան վերաբերեալ հաճեցէք այցելել www.arswestusa.org կայքէջը, կամ [email protected] ելեկտրոնային նամակի հասցէով եւ կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին։

Միասնաբա՛ր կը կատարենք բարեփոխութիւններ։ Միասնաբա՛ր կը կերտենք մեր ապագան։

Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար

ՀՕՄը հիմնուած է 1910-ին Նիւ Եորքի մէջ, իբրեւ ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մը։ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը հիմնուած է 1984-ին, թէեւ 1915-էն ի վեր Ֆրեզնոյի մէջ եւ 1918-էն ի վեր Հոլիվուտի մէջ կը գործեն «Մայր» մասնաճիւղերը։ Քալիֆորնիայի, Արիզոնայի, Նեվատայի եւ Թէքսասի մէջ կը գործեն 24 մասնաճիւղեր, շուրջ 1,200 անդամներով, մէկ մանկամսուրով եւ 11 շաբաթօրեայ վարժարաններով։ Կրթանպաստներ կը տրամադրուին երկրորդական վարժարան աւարտող եւ համալսարան հաճախողի ուսանողներու։

ՀՕՄը իր ընկերային եւ հոգեբանական կեդրոններով, մարդասիրական, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներով սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ եւ կը շարունակէ իր ծառայութիւնները կարեկից ոգիով եւ մարտահրաւէրները դիմագրաուելու պատրաստակամութեամբ։