DSC02427-1099-07

Յաջողութեամբ Աւարտած Կալան ՀՕՄ-ի Մարդասիրական Ծրագիրներու Իրագործման Միջոց

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ-ի) ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանը տօնախմբեց, իր 2026 թուականի Կալա-երեկոն Միշըն Հիլզի Լէնտմարք շքեղ սրահէն ներս, տոմսերը սպառելով։ Մարտ 22-ին, աւելի քան 400 ներկաներու շարքին էին ազգային եւ քաղաքական ղեկավարներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր, ներառեալ ՀՅԴ Կեդրրոնական Կոմիտէի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւններու, Հայ Դատի, ՀԵԴ-ի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի անդամներ Հարաւային Քալիֆորնիայէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն մինչեւ Լաս Վեկասի (Նեվատա) հեռաւոր մասնաճիւղերէն։

Ձեռնարկի թեման՝ «Ոգեւորէ՛ Բարեփոխութիւն. Կերտէ՛ Ապագան» ծառայեց իբրեւ մէկնակէտ ներշնչելու ու բարձր յանձնառութեամբ նպաստելու մեր տեղական եւ համահայկական ծրագիրներու ամրապնդման եւ յարատեւման:

Երեկոն սկսաւ ընդունելութեամբ, որուն յաջորդեց ընթրիքն ու յայտագիրը՝ նուիրուած ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ բարեսիրական նպատակներու երկարաժամկէտ կայունութիւն ապահովելու անրհաժեշտութիւնը։

ժպիտ Մելքոնեան եւ Թենի Ալավերդեան, ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչական երիտասարդ անդամները, արհեստավարժօրէն վարեցին յայտագիրը եւ երգիչ Վարանդի կատարմամբ հնչեցին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգները, ապա կատարուեցաւ սեղաններու օրհնութիւն եւ աղօթք՝ գլխաւորութեամբ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ընկերակցութեամբ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի։

Երեկոյի գլխաւոր բաժինը Համլէթ եւ Գրեթա Չրաղչեաններու, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի երկարամեայ անդամներէն Սեդա Խոջաեանի պարգեւատրումներն էին։ Անոնք մեծարուեցան իրենց բարեսիրական նուիրեալ եւ երկարամեայ ծառայութեան ու վաստակին համար։

Յայտագրի ընթացքին, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Քրիստինա Ամիրեան Խանճեան դիտել տուաւ թէ կազմակերպութեան կեդրոնացումը, թէ՛ աճի եւ թէ՛ երկարաժամկէտ կայունութեան վրայ է: Ան ընդգծեց նոր սերունդը ներգրաւելու ջանքերը եւ յայտարարեց շրջանի 24-րդ՝ «Ամարաս» մասնաճիւղի ստեղծումը, որ կը ցոլացնէ կազմակերպութեան յարատեւութիւնը: Ատենապետուհին յայտնեց թէ երեկոյի հասոյթը պիտի նպաստէ ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութեան եւ հոգեբանական կեդրոնի համար նախատեսուած հիմնադրամի/ներդրումի ֆոնտի մը ստեղծումին որ կանգուն պիտի պահէ տեղական ծրագիրներու եւ ծառայութիւններու ծրագիրները:

Երեկոյի յատկանշական պահն էր Հրայր Սողոմոնեանի Անուան Կրթական Հիմնադրամի ստեղծման մասին յայտարարութիւնը, որ Սողոմոնեան եւ Թեճիրեան ընտանիքներուն կողմէ նուիրուած էր՝ երկրորդական («հայ սքուլ») վարժարաններու շրջանաւարտներու կրթաթոշակներ տրամադրելու եւ ապագայ սերունդին նպաստելու համար: Նաեւ, մի ոմն յաւելեալ նուիրատուութիւն մը կատարած էր Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն աջակցելու համար:

Յայտագրի ընթացքին, տեսաերիզով իր խօսքը փոխանցեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան՝ շեշտեց ՀՕՄ-ի համահայկական առաքելութիւնը եւ շնորհաւորեց ներկաներու խրախուսիչ մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։

Այս երեկոն կարելի եղաւ բարերարներու ու հովանաւորներու առատաձեռնութեան շնորհիւ։ Գնահատանքի արժանացան Եմէնէճեան, Գուճաքեան, Եուրէճեան եւ Կէօնճեան ընտանիքները, Ֆորէսթ Լոն ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը: Խանճեան գնահատեց հանգանակային յանձնախումբի համա-ատենապետուհիները՝ Լարա Գազանճեանի եւ Սիլվա Փօլատեանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն եւ գրասենեակի անձնակազմին որոնց միասնական ջանքերով երեկոն պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

Երեկոն խանդավարեց «Allen G.» նուագախումբը, որուն ներկաները մասնակցեցան երգելով եւ պարելով։

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ նախորդ տարեշրջանի իրադարձութիւններու տեսաերիզով եւ մոմավառութեամբ՝ վերահաստատելով ՀՕՄ-ի նպատակներու իրագործման վճռակամութիւնը, ինչպէս մեր նշանաբանը կ՚ըսէ ՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»։