ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանէն ներս Մօտալուտ «Կալա»-ն եւ ՀՕՄի 115-ամեակի Տօնակատարութիւնները
Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա – Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի 300 անդամներով, Յունուար 3, 2026ի հաւաքոյթի ընթացքին յայտարարուեցաւ թէ տարեկան «Կալա» հանքանակային ձեռնարկը նախատեսուած է Մարտ 22, 2026-ին, եւ առիթ ծառայեց անդրադառնալու ՀՕՄի 115-ամեակի տօնակատարութեան առիթով 2025 թուականի աշխատանքներուն։
2025ի տարեսկիզբին, ՀՕՄի ծրագիրները շրջուեցան՝ Լոս Անճելեսի աւերիչ անտառային հրդեհներու պատճառով, որոնք այրեցին ու աւերեցին 16,000-է աւելի շէնքեր եւ ստիպեցին 150,000 բնակիչներու տեղահանումը։ Հրդեհները պատճառ դարձան ՀՕՄի շրջանային անդամական Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան հաւաքոյթի ջնջումին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիայի շատ մը մասնաճիւղերու ձեռնարկներու ջնջումներուն։
Երկար տարիներու ճգնաժամերու արձագանգման փորձով, ՀՕՄը իր ուշադրութիւնը ուղղեց այս արտակարգ իրավիճակին՝ իր Ընկերային Ծառայութիւններու կեդրոններով հրդեհէն տուժած բնակիչներուն օգնութիւն տրամադրելով։
Անցեալ տարուայ ՀՕՄ-ի 115-ամեակի առիթով «Կալա»-ն յետաձգուեցաւ՝ Ապրիլ 27, 2025-ին, եւ նպատակադրուեցաւ հրդեհէն տուժածներու աջակցութեան։ Խումբ մը ՀՕՄ-ուհիներ չկրցան մասնակցիլ «Միասնաբար բարձրանանք – յոյսի եւ բարեգործութեան» երեկոյին իրենց տուներէն դուրս ապաստանած ըլլալու պատճառով։
Մինչ ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան գրասենեակները օգնութեան ձեռք երկարեցին ընտանիքներու վերականգնման աշխատանքներուն, շրջանային յանձնա
խումբերն ու մասնաճիւղերը աստիճանաբար վերսկսան իրենց գործունէութեան։ Մարտին, Արեւմտեան շրջանէն խումբ մը ընկերուհիներ Նիւ Եորք ժամանեցին մասնակցելու Արեւելեան Շրջանի կազմակերպած 115-ամեակի տօնակատարութիններուն։ Հոկտեմբերին, տասնեակ անդամներ Երեւան հասան մասնակցելու Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 115-ամեակի տօնակատա
րութիւններուն։ Անդամները ՀՕՄի ծրագիրներու վայրերը այցելեցին, ներառեալ՝ «Յոյսի Օջախներ» ծրագրի գիւղերը, Արցախէն Հայաստան ապաստանած ընտանիքներու համար։ Անոնք խորհրդաժողովին մասնակցեցան եւ ստացան 115-ամեակի «Հայ Սիրտ» պարբերաթերթի օրինակները, որ կը պարունակէր տեղեկութիւններ եւ յօդուածներ՝ ՀՕՄի տարբեր շրջաններու եւ մեկուսի մասնաճիւղերու մասին։
Շրջանէս բազմաթիւ մասնաճիւղեր առիթը օգտագործեցին նշելու ՀՕՄի 115-ամեակը, միաժամանակ նշելով իրենց մասնաճիւղի հիմնադրման տարեդարձները՝ Մայր-Ֆրեզնօ (110-րդ), Ռուբինա՝ Սան Տիէկոյ (40-րդ), Շողեր՝ Հիւսթըն, Թեքսաս (45-րդ) եւ Ակնունի՝ Սան Հոզէ (15-րդ): Սիփան՝ Կլէնտէլլ յետաձգած է 50-ամեակի տօնակատարութիւնը մինչեւ Յունուար 18, 2026։
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի 115-ամեակի վերջին տօնակատարութիւնը, «Նոր Սերունդը՝ Կ՚ընթանայ Յառաջ» խորագրով կէս-օրուայ սեմինարը որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 1, 2025-ին, Կլէնտէլի շրջանային վարչութեան կեդրոնէն ներս։ Ծրագիրը ներառեց շրջանիս ընկերային ծառայութեան կեդրոնի ծանօթացումը, ինչպէս նաեւ քննարկումներ՝ պատկանելիութեան, կարեկցութեան, կամաւոր ծառայութեան եւ սերունդներու դիմադրողականութեան հարցերուն նուիրուած։
Բացման խօսքը կատարեց ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Քրիստինա Ամիրեան Խանճեան։ Ան նշեց, որ շրջանը ունի 85 պաշտօնեաներ, որոնք կը գործեն վարչական, ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւններու, մանկամսուրի եւ միօրեայ դպրոցներու մէջ։ Ան ընդգծեց, որ շրջանը կը նպաստէ տեղական եւ համաշխարհային ընկերային, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ան նկարագրեց շրջանի հիմնական ծրագիրները՝ կրթաթոշակներէն մինչեւ հանգստ
եան տուներու եւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու համար նախատեսուած բնակարաններու աջակցութիւն։
Ընկերուհի Խանճեան ներկայացուց հանդիսավարուհին՝ Թենի Ալավերտեանին, որ նոր աւարտած էր իր մագիստրոսի աստիճանը՝ կախուածութիւններու գիտութեան եւ համաճարակաբանական հետազօտութեան մեթոտներու մէջ։
Մայր-դուստր երկու հոգեբանները՝ Նորա Շիթիլեան, LMFT, եւ Ալիք Քէլէշեան, վարեցին առաւօտեան նիստը՝ հետաքրքրական եւ փոխազդեցիկ քննարկումներով՝ բացատրելու սերունդներու տարբերութիւնները եւ կարեկից ու համագործակցութեան ոգիով մօտեցումներու կարեւորութիւնը։ Շիթիլեան ընդգծեց որ «Պէտք է հանդուրժէք զիրար, եւ նոյնիսկ երբ համաձայն չէք՝ պէտք է իրարու յարգանքով մօտենաք»։
Քէլէշեան ընդգծեց, որ հին եւ նոր սերունդները պէտք է իրարու արժէքները ճանչնան, իսկ Շիթիլեան բացատրեց թէ դիմադրութիւնը կը յառաջացնէ յուսալքում։ Քէլէշեան խորհուրդ տուաւ ինչպէս կարեկցութիւն ցուցաբերել՝ դատողութենէն զերծ մնալով, «դուն» բառը չ՚օգտագործելով, իսկ Շիթիլեան ցոյց տուաւ, թէ «դուն» կամ «ես»-ի տեղ «մե
նք» բառը գործածելով, «ՄԵՆՔ փորձենք…» ըսելով, սերունդները միացուցած կ՚ըլլանք։
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Քէլէշեան բացատրեց, որ անվստահութիւնը եւս սերունդէ սերունդ փոխանցուած հոգեկան վէրք (trauma) է։ Երբ ներկաները արտայայտուեցան կազմակերպութեան մասնակցութեան իմաստին մասին, Շիթիլեան բացատրեց, որ անհատները պատկանելիութիւն զգալու համար «պէտք է լսուին»։ Ան ընդգծեց, որ ուրիշներուն հեղինակութիւն ներշնչելը կը պահանջէ որ իրարու հետ կապ հաստատենք առանց մեր տարբերութիւնները նկատի առնելու։
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Ընկերային Ծառայութիւններու տնօրէնը՝ Մելանի Վարդապետեանը բացատրեց ծառայութեան դիմողներու ներառութեան (intake) գործընթացը։ Ան ներկաներուն հետ շրջագայեց ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւններու գրասենեակները, բոլոր անոնց համար որոնք առիթը չեն ունեցած գրասենեակներու գոծօն ժամանակ կեդրոնը գտնուելու։
Շրջագայումէն եւ ճաշէն ետք, «Հանրային Կապերու եւ Ծառայութիւններու Աւետումի Զարգացումը» նիւթը ներկայացուեցաւ մասնակցութեամբ Լարա Գազանճեան (OMG23-ի ռազմավարութեան փոխնախագահուհի), Արփի Մարաշլեան (Amazon MGM Studios-ի Նոր ֆիլմերու Հանրային Կապերու պատասխանատու), եւ Թամար Մաշիկեան (Մագիստրոս լրագրութեան մէջ, 25-տարուան հանրային կապի փորձառութիւն ունեցող)։ Ալավերտեան ներկայացուց քննարկման մասնակիցները՝ նշելով, որ իւրաքանչիւրը իր հետքը ձգած է լրատուամիջոցներու եւ հանրային կապի մէջ՝ նոյն ժամանակ շարունակելով իրենց կամաւոր աշխատանքը, պահպանելով իրենց ինքնութիւնը եւ հաւասարակշռելով իրենց ընտանեկան պարտականութիւնները։
Հարց ու պատասխան բաժինը առիթ տուաւ լսելու իւրաքանչիւր մասնակիցի փորձառութիւնը որ կ՚ընդգրկէր խորհրդատուներու եւ մենթորներու դերը իրենց մասնագիտու
թեան ընտրութեան մէջ, իրենց անձնական կեանքն ու աշխատանքը հաւասարակշռելու համար իրենց կեանքի ուղիներու փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ իրենց հանրային կապերու շրջանակէն ներս իրենց դերի գնահատումը։ Երբ մասնակիցները ներակայացուցին իրենց ՀՕՄի կապը, պատասխանները տարբեր էին՝ նոր մասնաճիւղի հիմնադրութեան մասնակցութիւն՝ մեծ մայրիկի յիշատակին (Գազանճեան), կամաւոր աշխատանք՝ «ՀՕՄի Ձայն» պարբերաթերթը ստեղծելու եւ երկու տասնամեակ հանրային կապերու խորհրդատուութիւն (Մաշիկեան) եւ ՀՕՄի ծանօթացում՝ կեսուրին միջոցով (Մարաշլեան)։
Մաշիկեան բացատրեց, որ իր դերը կը տեսնէ որպէս հանրային կապերու մասնագէտ՝ կանխատեսելով խմբագիրներու կարիքները եւ համագործակցելով իրենց հետ, իրենց ժամանակը խնայելով։ Գազանճեան բացատրեց, որ ժամանակակից մշակոյթը հասկնալը եւ օգտագործելը՝ մարդիկ իրար մօտեցնելու համար, արշաւներու էութիւնը կը կազմէ՝ մինչ հասարակութիւնը՝ ֆիլմարուեստի սիրտն է, գաղութը՝ ՀՕՄի սիրտն է։ Մարաշլեան բացատրեց, որ իր դերը ռազմավարութիւն մշակել է՝ ինչ պէտք է պատմել եւ ինչպէս/ինչու մարդիկ պիտի հետաքրքրուին այդ պատմութեամբ։
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Քրիստինա Ամիրեան Խանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, հանդիսավարուհիին եւ Դաստիարակչական Յանձնախումբին, եւ կրկին ընդգծեց յարգանքի, ազնուութեան եւ երիտասարդութիւնը ՀՕՄի մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը՝ որ «Նոր Սերունդը՝ ընթանայ Յառաջ»։ Ընկերուհին նշեց, թէ 15 նոր անդամներ, երիտասարդ մասնագէտներ, միացած են նոր մասնաճիւղի մը («Ամարաս»)։
Աւելի քան մէկ դար, ՀՕՄի մարմնաւորած կամաւորական ոգին՝ ուր մէկ սերունդը յաջորդ սերունդին կը բարձրացնէ ծառայութեամբ, կարեկցութեամբ եւ գաղութէն ներս պատասխանատուութեան ոգիի ներգործութեամբ, դաստիարակչական ծրագիրը ՀՕՄի 115-ամեայ ժառանգութիւնը վերանորոգեց ընդգծելով, թէ ՀՕՄը կը շարունակէ զարգանալ նորարարութեամբ, առաջնորդութեամբ եւ ընկերային յառաջդիմութեան տեսլականով։
«Հայ Օգնութեան Միութիւնը միշտ եղած է մեր գաղութներու մարդասիրական եւ ընկերային կարիքներու կողքին», ըսաւ Խանճեանը։ Ան աւելցուց թէ, «Այս տարուան թեման՝ «Ոգեւորէ՛ Բարեփոխութիւն. Կերտէ՛ Ապագան» մեր շրջանի գաղութներուն տեւական զարգացման կայուն պայմաններ ստեղծելու համար է»։
Մարտի 22-ի «Կալա» ձեռնարկը պիտի համախմբէ գաղութիս ղեկավարները, բարերարներն ու նուիրատուները կարեկցութեան եւ ծառայութեան վրայ հիմնուած միասնաբար պիտի նպաստեն աւելի փայլուն ապագայի կերտման։ Տոմսերու սակն է 200 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութիւններու, սեղաններու եւ տոմսերու ապահովման կամ հովանաւորութեան վերաբերեալ հաճեցէք այցելել www.arswestusa.org կայքէջը, կամ [email protected] ելեկտրոնային նամակի հասցէով եւ կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին։
Եթէ կը փափաքիք նպաստել ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն, օգտագործեցէք հետեւեալ հղումը՝ https://arswestusa.org/donate/ կամ ուղարկեցէք ձեր չէքերը՝ ARS of Western USA, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812։