IMG_2130

Cultural Program for ARS One-Day Schools

Organized by the Board of Regents of ARS Schools, ARS one-day school students performed during a cultural program on April 29, 2023 at the Armenak Der Bedrossian Hall of St. Mary’s Church in Glendale. ARS Regional Executive Board members, committee members, school principals, teachers, and family members were in attendance in encouragement of the students, who performed with group songs, dances, recitations, patriotic songs, and more.

***

Շաբաթ, Ապրիլ 29 2023ի առաւօտեան Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Միացեալ Հանդէսը կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Խնամակալ Մարմնի, հովանաւորութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ շրջանի ինն Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն:

Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիները, մասնաճիւղերու Վարչական ընկերուհիներ, խնամակալ մարմնի ընկերուհիները, տնօրէններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ մեծ ծնողներ: Խանդավառութիւնը մեծ էր երեք տարուան բացակայութենէ ետք իւրաքանչիւր մասնակցող իր կարելին չէր խնայէր կատարեալ ներկայանալու:

Երկու ժամուան տեւողութեամբ, աշակերտները իրենց գերազանցիկ ներկայացումներով խլեցին հանդիսատեսին ծափողջիւնները, հիացմունքը եւ երբեմն ալ արցունքները, անոնք երգեցին, պարեցին, նուագեցին եւ ասմունքեցին ընդհանրապէս ազգային եւ հայրենասիրական երգեր եւ բանաստեղծութիւններ:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ յաջորդ տարին դարձեալ հանդիպելու խոստումով:

Խնամակալ Մարմինը իր խորհին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր մասնակից աշակերտներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն: Նաեւ շնորհակալութիւն Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեան եւ ներկայութեան: