
Mako Mgrdichian’s Biography — Մաքօ Մկրտիչեանի Կենսագրական Գիծեր
Մաքօ Մկրտիչեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Նախնական ուսումը ստացած՝ ազգային Մեսրոպեան վարժարանէ ներս։ Յաճախած է Դարուհի Յակոբեան աղջկանց բարձրագոյն վարժարան, ապա ուսուցչական պաշտօն վարած, իր նախկին դպրոցի նախակրթարանի բաժինէն ներս: Ուսուցիչի ապա տեսուչի կարգավիճակով, ան կամաւոր կերպով դասաւանդած է, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան հետ միասին քրիստոնէական գիտելիքներ, եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը վայելող կիրակնօրեայ վարժարանէ ներս։
Ամուսնանալով Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ, իրենց առաջինեկով միասին, 1964-ին կը հաստատուին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Ինկըլվուտ քաղաքը: Առաջին օրէն, կը միանայ տեղւոյն, նորաստեղծ «Արաքս» մասնաճիւղին։ Այնուհետեւ կը սկսի անոր անընդմիջուող ճանապարհորդութիւնը։ Այս միջոցին, ընկերուհիներու եւ իր մասնակցութեամբ հիմը կը դրուի «Արաքս» շաբաթօրեայ դպրոցին․ ան կը դառնայ ուսուցչուհիներէն մին։ Հինգ տարի բանիւ եւ գործով ծառայելէ ետք «Արաքս» մասնաճիւղէն ներս, 1969-ին, երեք զաւակներու տէր, կը փոխադրուին Սան Ֆերնանտօ Հովիտ եւ կը փոխանցուի, Էնսինօ-ի ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղ։
1972-ին ատենապետի հանգամանքով, ամբողջական մասնակցութիւն կը բերէ «Անահիտ» շաբաթօրեայ դպրոցի կայացման գործին։ 1978-ին Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովանին վայելող, մանկապատէզ-նախակրթարանի հիմնումին ու անոր յարատեւութեան ի խնդիր, ոչ միայն իր կարողութիւնները ի սպաս կը դնէ, այլ զօրաշարժի ենթարկելով «Անահիտ» մասնաճիւղն ու համայնքը, շօշափելի գումարներով կարելի կ՚ըլլայ դպրոցի շէնքը վերանորոգել եւ գրենական պիտոյքներ ապահովել։ Ան կ՚ընտրուի դպրոցի առաջին խնամակալ մարմնի ատենապետ։
Նկատի ունենալով Կլէնտէյլի հայութեան թիւի աճը, 1973-ին ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի որոշումով ու իբրեւ ատենապետ իր ջանքերով, հիմը կը դրուի, այսօրուայ «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցին (այն ատեն «Սիփան» մասնաճիւղը գոյութիւն չունէր)։ Ան հիմնուեցաւ 1975-ին։
Ընկերուհի Մաքօն եղած է Արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարանի առաջին ուսումնական խորհուրդի անդամ։ Անցած է ՀՕՄ-ի նուիրապետական կարգերէն, ըլլալով մասնաճիւղի, շրջանայինի եւ կեդրոնականի վարչութեանց անդամ։ Այդ կարգերու ընդմէջէն ան առաւելագոյն չափով սատարած է, սփիւռքեան եւ հայրենական ծրագիրներու իրագործման։ Պատիւը ունեցած է ըլլալու Արեւմտեան ափի միաւորի ստեղծման ակունքին կանգնած՝ դերակատարներէն մին եւ անոր առաջին շրջանային վարչութեան անդամ։
Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք, Հայ Օգնութեան Միութեան առաջ կը բացուի, իր առաքելութեան համահունչ գործելադաշտ․ հասնիլ հայրենի ժողովուրդի բազմատեսակ կարիքներուն․ Արցախեան գոյամարտ, երկրաշարժ, հազարաւոր զոհեր, որբեր, հաշմանդամներ։ Շրջանային վարչութիւնը, զօրաշարժի ենթարկելով իր մասնաճիւղերը, կը ստեղծէ՝ Հայաստան-Արցախ, յետագային նաեւ Ջաւախք հիմնադրամները։ Ընկհ․ Մաքօն ըլլալով ատենապետը սոյն յանձնախումբերուն, մամուլի միջոցաւ, կոչերով, սրահներէ, տուներէ ներս հանգանակային ձեռնարկներով, հեռատեսիլ-ելոյթներով, նաեւ ՀՕՄուհիներու անվերապահ գործակցութեամբ կարելի կ՚ըլլայ գոյացնել շօշափելի գումարներ, որոնք մեծապէս նպաստեցին Հայաստանի եւ Արցախի վերականգման աշխատանքներուն։
Ընկերուհի Մաքօն, իր ազգային կեանքի 75 տարիներէն 61-ը ապրած է Հայ Օգնութեան Միութեան հայաբոյր յարկէն ներս։ 61 տարի, իր ընտանիքին համահաւասար սիրով, նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ, իբրեւ բնական պարտականութիւն, ծառայած է հարազատ իր ժողովուրդին։ 61 տարի հպարտութեամբ կրած է Հայ Օգնութեան Միութեան ուխտին հետ միասին, իրեն տրուած ընկերուհի տիտղոսը։ Իր կրթական, հասարակական գործունէութեանց համար ստացած կարգ մը գնահատագրերու կողքին, ան ստացած է նաեւ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ։
Ընկերուհին ունի պաշտամունքի հասնող երեք գաղափարներ՝ Ընտանիք, Ազգ, Հայրենիք։